Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երկու Միաբան Հայրեր Կը Միանան Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց Դասուն


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնեն, որ ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին եւ ժողովականութեան խնդրանքին, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն՝ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանն ու Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանը առաքած է ծառայելու մեր Թեմին մէջ։

Երկու միաբան հայրերը Լոս Անճելըս ժամանեցին Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2017ին: Անոնք Առաջնորդ Սրբազանին եւ Խառն Ժողովի տնօրինումով մեր Թեմէն ներս հոգեւոր ու վարչական ծառայութիւններ պիտի մատուցեն Ազգ. Առաջնորդարանիս ու ծխական շրջաններուն։ Անոնց առաքելութեան գլխաւոր մարզերը պիտի հանդիսանան քրիստոնէական դաստիարակութեան, երիտասարդական միաւորներու աշխուժաց-ման, կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ Ս. Գրոց սերտողութեան աշխատանքները:

Հայր Թորգոմ (աւազանի անունով Դրաստամատ), ծնած է 1986-ին, Պէյրութ, Լիբանան: Կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրութիւնը ստացած է Մայիս 2006-ին, վարդապետական աստիճանը՝ Դեկտեմբեր 2010-ին, իսկ Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը՝ Մայիս 2016-ին: Ան Մայրավանքի յարկին տակ եղած է Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ, Կաթողիկոսարանի պաշտօնաթերթ «Հասկ»ի խմբագիր, դաստիարակ, Դպրեվանքի տեսուչ, Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» եւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբերուն խմբավար: Երաժշտական ուսման հետեւած է Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ: Վերջին շրջանին հետեւած ու ամբողջացուցած է աստուածաբանական բարձրագոյն ուսմանց խտացեալ դասընթացք մը Կալէսի մէջ (Wales)։

Հայր Վաչէ (աւազանի անունով Համբարձում), ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1993-ին: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է Յունիս 2013-ին, վարդապետական աստիճանը՝ Յունիս 2016-ին: Մայրավանքի յարկին տակ եղած է Կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ Վարժարաններու վարիչ-տնօրէն, գաւազանակիր, նաեւ աջակցութիւն բերած քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի աշխատանքներուն: Աստուածաբանական ուսման հետեւած է Պէյրութի «Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Համալսարան»ին (NEST) մէջ:

Կ՛ողջունենք Հայր Թորգոմի եւ Հայր Վաչէի մեր Թեմ ժամանումը եւ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութիւններուն կը մաղթենք յաջողութիւն եւ բարի երթ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022