Լոս Անճելըս գտնուելուն առիթով, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ Հինգշաբթի, 10 Մարտ 2016ի յետմիջօրէին այցելեց Ազգային Առաջնորդարան: Ան առաջին հերթին առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ, ապա խորհրդակցութեան միացան Ազգ. Վարչութեան անդամներ. երեկոյեան, «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ դեսպանը հանդիպում ունեցաւ գաղութի զաւակներուն հետ: Ներկայ էին Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան, Ազգային Վարչութեան, ծխական շրջաններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հայորդիներ:
Ժողովրդային հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, որ յանուն հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան ու ժողովուրդին ողջունեց դեսպանը, շնորհակալութիւն յայտնեց անոր տրամադրած ժամանակին համար, որ կը տրամադրուի լսելու ամերիկահայ համայնքի զաւակներուն մտահոգութիւնները Հայաստանի ապահովութեան, կայունութեան եւ տնտեսական բարգաւաճումին առնչութեամբ: Ան նաեւ նշեց, որ հայութիւնը նախանձախնդիր է Հայաստան-Միացեալ Նահանգներու գործակցութեան զարգացումով, եւ աւելցուց ըսելով, որ «վստահ ենք որ հաւաքական աշխատանքով կարելի պիտի ըլլայ ապահովել Հայաստանի համար աւելի փայլուն ապագայ մը»: Ան յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ, իբրեւ արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու դրօշակիր, միանան այն պետութեանց, որոնք ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ պատմական անվիճելի իրողութիւն։
Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Վահէ Եագուպեան ներկայացուց հիւր դեսպանը եւ զայն հրաւիրեց ներկայացնելու իր տեղեկատուական զեկուցումը: Դեսպան Միլզ առաջին հերթին անդրադարձաւ ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական այն զարգացումներուն մասին, զորս Հայաստան ապրած է անցեալ 20 տարիներուն, նկատի ունենալով, որ դեսպանի պաշտօնին կոչուելէ 20 տարի առաջ, ինք ծառայած է Հայաստանի մէջ: Ան նշեց, որ նկատառելի յառաջդիմութիւն արձանագրուած է մանաւանդ ենթակառոյցի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, երկրագործութեան, օրէնքներու կարգաւորման, ընկերութեան զարգացման բնագաւառներուն մէջ: Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ հետամուտ է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան, բարգաւաճման եւ ապահովութեան ամրապնդումով, նաեւ աշխատանք կը տանի լուսաբանելու իր Արտաքին քաղաքականութիւնը: Նախանձախնդիր է նաեւ, որ Հայաստան դրացիներուն հետ ապրի խաղաղօրէն, եւ այս նպատակով, յատուկ աշխատանք կը տանի Արցախի հարցին խաղաղ լուծման նպատակով, զինադուլի հաստատումէն 20 տարի ետք: Ան նաեւ նշեց, որ անբաղձալի վիճակ կը տիրէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին փակ մնալուն պատճառով, իսկ Ուաշինկթըն հետամուտ է այս հարցերուն բարւոք լուծման:
Շարունակելով իր խօսքը, դեսպան Միլզ յայտնեց, որ առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեանց սերտացումը, գործակցութիւն ոչ-պետական կազմակերպութեանց ու կառավարական հաստատութութեանց հետ, ի խնդիր փտածութեան դարմանումին, ժողովրդավարութեան յառաջդիմութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերութեան վիճակի բարելաւման: Դեսպանատունը նաեւ յատուկ ճիգ կ’ընէ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան հիմնական գիծերը բացատրելու Հայաստանի մէջ թէ այլ երկիրներու:
Իր խօսքի աւատին, ամերիկացի դիւանագէտը պաստառի վրայ լուսանկարներ ցուցադրելով, յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ Հայաստանի կառավարական եւ այլ շրջանակներուն հետ գործակցական աշխատանքներու մասին, ապա, պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կ’ընդգրկէին Հայաստանի նկատմամբ Ուաշինկթընի վերաբերմունքը, Արցախի տագնապն ու սահմանային ծանօթ դէպքերը, Հայաստանի ներքին վիճակի բարելաւման հարցերը, Միջին Արեւելքի վտանգաւոր զարգացումներուն լոյսին տակ՝ նա՛եւ հայութեան վիճակուած դժուարին կացութիւններն ու ամերիկեան օժանդակութիւնները: