Երեքշաբթի 28 Մայիս 2019-ին, կազմակերպութեամբ «Վահան Միրաքեան» եւ «Արփա» ընկերակցութիւններուն, Կլենտէյլի «Ալէկրօ» ճաշարանին մէջ յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի վաստակաւոր արտիստ, միջազգային հանրային սոփրանօ եւ բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր՝ Էլլատա Չախոյեանին 45-ամեայ գործունէութեան ի պատիւ դրոշմաթուղթի հրապարակման առթիւ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի կողմէ փոխանցեց գնահատագիր մը, ուր Առաջնորդ Սրբազանը կը շնորհաւորէր մեծարեալը, որ արժանաւորապէս կը գնահատուէր, ամբողջ կեանք մը երաժշտական աշխարհէն ներս իր ունեցած ներդրումին, մաղթելով առողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ, որպէսզի իր Աստուածատուր տաղանդներով շարունակէ դիւթել արուեստասէրներու սրտերն ու հոգիները։
Յայտնենք, որ Ուրբաթ, 24 Մայիսին, Տիկ. Չախոյեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ Առաջնորդ Սրբազանին հետ հանդիպման ընթացքին յանձնեց դրոշմաթուղթէն օրինակ մը։