Քողազերծում՝ Փասատինայի Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին


Փասատինայի հայութիւնն ու քաղաքապետութիւնը անցեալ շաբաթավերջին գործնական մասնակցութիւն բերին հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման քայլերուն: Արդարեւ, Շաբաթ, 18 Ապրիլ 2015ին, Փասատինայի “Մեմորիըլ Փարք” հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին մը, որ կանգնած է նախաձեռնութեամբ Փասատինայի Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման յանձնախումբին եւ արդիւնք է մօտաւորապէս 3 տարի առաջ մեկնարկուած աշխատանքի: Եռոտանիի մը ձեւով կերտուած յուշակոթողը կը յիշեցնէ այն կախաղանները, որոնք թրքական իշխանութիւններուն կողմէ կանգնած էին հայեր սպաննելու համար:

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Գերպ. Տ. Միւոռն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանն ու ԱրԺ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան ներկայ եղան յուշարձանի քողազերծման արարողութեան: Առաջնորդ Սրբազանը, որ նոյն պահուն Լաս Վեկաս կը գտնուէր, ճիշդ տարի մը առաջ, 27 Ապրիլին կատարած էր այս յուշարձանին հողօրհնէքը, իսկ 25 Յունուար 2015ին կատարած էր այս յուշարձանին հիմնօրհնէքը։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ շուջ 1,500 հանդիսականներ, որոնց շարքին, ամերիկեան խորհրդարանի անդամ Ճիւտի Չու, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Լոս Անճելըսի Supervisor Մայքըլ Անթոնովիչ, Փասատինայի քաղաքապետ Պիլ Պոկարտ եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022