Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Վարժարանի 45-ամեակի Ճաշկերոյթ

Ուրբաթ, 22 Նոյեմբեր 2019-ին, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Ազգ. Վահան եւ ԱՆոյշ Շամլեան վարժարանի հիմնադրութեան 45-ամեակի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Փասատինայի «Langham» պանդոկէն ներս, «Առաջնորդենք, տօնենք, կառուցենք» նշանաբանով։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան գիրն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ հանդիսավարին՝ Փիթըր Պաղտասարեանի բացման խօսքով։

Տէր Հայրը կատարեց բացման աղօթքը, ապա ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան գիրը, որուն մէջ ան գնահատելէ ետք Ազգ. Շամլեան վարժարանի ծառայութիւնը, շեշտեց, որ «անցեալ տասնամեակներուն, կրթական այս օճախը իրեն կապուած յոյսերը արդարացուց ո՛չ միայն Կլենտէյլի ծխական շրջանի զաւակներուն, այլ նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնք հայեցի ուսման ծարաւով դիմեցին իր յարկին եւ հայկականութեամբ զսպանակուեցան։ 45-ամեակի տարին ներկայ եւ բացակայ բոլո՛ր «Շամլեանական»ներուն համար պէտք է վերածուի ուխտի եւ առաքելութեան վերահաստատման հանգրուանի մը, որպէսզի Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի լուսատու ջահը աւելի եւս բոցավառի, անոր յարկին տակ իրերայաջորդ սերունդներ յագենան մեր քրիստոնէական հաւատքի ու բազմադարեան մշակոյթի աննիւթական հարստութիւններով»։

Իր խօսքի վերջին բաժնով Առաջնորդ Սրբազանը իր գնահատանքը յայտնած էր Ազգ. Շամլեան վարժարանի բոլոր բարերարներուն եւ նուիրեալներուն, ինչպէս նաեւ շնորհաւորած էր Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը, Տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեանը, ուսումնական եւ յարակից մարմինները, ուսուցչական կազմն ու ծնողները եւ մաղթած, որ վարժարանը վերանորոգ յանձնառութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ շարունակէ իր աննահանջ վերելքը։

Այնուհետեւ, սրտի խօսքեր արտասանեցին ճաշկերոյթի յանձնախումբի համա-ատենապետուհիներ՝ Տիկնայք Անի Յարութիւնեան եւ Ակնէթա Ղարիպեան, իսկ Ուսումնական Մարմինի խօսքը փոխանցեց ատենապետ՝ Տիար Արթին Ղազարեան։ Ցուցադրոեցաւ վարժարանին պատմութիւնը ամփոփող վաւերագրական տեսաերիզ մը։

Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան ուղղեց իր պատգամը, շնորհաւորելով եւ գնահատելով բոլոր նուիրեաներուն ջանքերն ու աշխատանքը։ Այս առթիւ, Վարժարանը մեծարեց անցեալի տնօրէնները՝ յանձինս Տեարք Վարդգէս Ղազարեանի, Ռուբէն Կիւրճեանի եւ Վազգէն Մատէնլեանի, ինչպէս նաեւ տնօրէնութեան ամենաերկար տարիներու օգնականուհի Արփիկ Անանեանն ու վարժարանի առաջին աշակերտներու խումբը։ Ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութեան արարողութիւն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022