Մարտ 16-22, իրաւաբան Վանա Կիտցինեան, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, իր մասնակցութիւնը բերած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի «Համաշարհային առաքելութիւն եւ աւետարանչութիւն» անունով մկրտուած նորակազմ յանձնաժողովի նիստին, որ կայացած է Պոսէի մէջ, Զուիցերիա։
Աւետարանչական աշխանատանքը զարգացնելու նուիրուած համաշխարհային հաւաք մը նախաձեռնող այս յանձնաժողովը ունի 35 անդամներ եւ 7 խորհրդատուներ, աշխարհի տարածքէն։
Յանձնաժողովը բաժնուած է աւելի փոքր խմբակներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ստանձնած է տարբեր պարտականութիւններ։ Վանա Կիտցինեան մաս կը կազմէ աշխարհի տարածքին քաղաքացիներու լուսանքայնացման դէմ դնելու, ինչպէս նաեւ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն նեցուկ կանգնելու աշխատանքով զբաղող ենթայանձնաժողովին։