Ս. Վարդանանց տօնին առիթով, Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւնը Հինգշաբթի, 14 Մարտ 2019-ի երեկոյեան, իր կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր հանդիսաւոր տօնախմբութիւն մը։ Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։
Ներկայ հոգեւորականներուն հետ, Տէր Հայրը կատարեց տօնակատարութեան բացման աղօթքը, փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը, ապա նաեւ հակիրճ ձեւով վեր առաւ Ս. Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց խիզախումէն ծնած անժամանցելի պատգամը։
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը, որ կազմուած էր Ս. Վարդանանց նուիրուած ազգային ու հոգեւոր երգերով։