Այսու գոհունակութեամբ կը հաղորդենք մեր Թեմի հաւատացեալ ժողովուրդին, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմիս Խառն Ժողովը, նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Երեքշաբթի, 20 Յունիս 2017-ին, գումարեց Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 45-րդ նստաշրջանէն ետք իր առաջին նիստը եւ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեանը նշանակեց Առաջնորդական Փոխանորդ։
Նշենք, որ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի յիշեալ նստաշրջանին ուղղած իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնած էր, որ Խառն Ժողովի յառաջիկայ նիստին, Հայր Թորգոմի թեկնածութիւնը պիտի առաջարկէ Առաջնորդական Փոխանորդի պաշտօնին համար։ Երեքշաբթիի նիստը ընթացաւ այդ կարգով, ժողովս միաձայնութեամբ որդեգրեց Առաջնորդ Սրբազանին առաջարկը, որ կը վայելէ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Ծանօթ է, որ նշանակեալ Հայր Սուրբը մեր Թեմին մէջ ծառայութեան կոչուած է Մարտ 2017-էն ի վեր։ Խառն Ժողովս յաջողութիւն կը մաղթէ Հայր Սուրբին՝ իր առաքելութեան մէջ, այն վստահութեամբ, որ ան Առաջնորդ Սրբազանին եւ ժողովականութեան հետ գործակցաբար, իր նպաստը պիտի բերէ մեր Թեմի աշխատանքներուն յառաջընթացքին մէջ։
Խառն Ժողովը օրակարգի վրայ ունէր նաեւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովէն բխած որոշումներն ու մտածումները, որոնց շարքին, եւ մեկնելով Ն.Ս.Օ.Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի յանձնարարութենէն, յառաջիկայ 10 տարիներուն վրայ երկարող՝ Թեմիս վերաշխուժացման ծրագիրները։ Այս բոլորը հիմք կը ծառայեն Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն հունաւորման ու կենսագործման։
ԴԻՒԱՆ Ա. Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎԻ