29 Մարտ 2018-ին, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը կանխող Աւագ Հինգշաբթի օրը, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան բազմախորհուրդ արարողութիւններ, որոնք հաւատացեալներուն կը փոխանցեն Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին օրերու պատգամները։
Առաւօտուն, տեղի ունեցաւ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքին Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատման նուիրուած Ս. Պատարագը, որու ընթացքին ժողովուրդը ստացաւ Ս. Հաղորդութիւն։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։
Յետմիջօրէին, մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւնը, յիշելով խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան Քրիստոսի պատգամը, որ մարմնաւորուեցաւ աշակերտներուն ոտքերու լուացումի խորհուրդով։ Առաջնորդ Սրբազանը եղաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ ու կատարեց ոտնլուայի արարողութիւնը։ Այս առիթով իր ուղղած պատգամին մէջ, ան ընդգծեց, որ Տէրը եւ Վարդապետը ծառայ եղաւ եւ խոնարհութեամբ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց, տալով սիրոյ, նուիրումի եւ զոհողութեան գերագոյն օրինակը։ Ու երբ Պետրոս Առաքեալ զարմանքով առարկեց Յիսուսի այս խոնարհ արարքին դէմ, Աստուածորդին պատասխանեց անոր ըսելով, «Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ Ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս», ակնարկելով որ լուացումը նուազագոյնն է յարաբերաբար Իր կրելիք զոհողութեան մարդուն մեղքերու թողութեան եւ փրկութեան համար։ Ան հաւատացեալները հրաւիրեց նոյն ոգիով սիրելու զիրար, ծառայելու իրարու եւ պատրաստակամ ըլլալու զոհաբերութեան։ Ապա մաղթեց, որ լուացման արժանացող պատանիները եւ մեր ժողովուրդի զաւակները լեցուին Աստուծոյ շնորհքներով ու այս արարողութեան խորհուրդներով։