Շաբաթական Լուրեր – 1 Ապրիլ 2016

ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

NorthHollywoodChurchԿիրակի, 3 Ապրիլ 2016ը, Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Կիրակին է, որ կը կոչուի Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ։ Համաձայն տարիներու աւանդութեան, Նոր Կիրակիին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Արարողութիւնը կը սկսի կ.
buy kamagra generic https://noprescriptionbuyonlinerxx.com/kamagra.html over the counter

ե. ժամը 2:00ին։ Եկեղեցւոյ հասցէն է 13050 Vanowen St., North Hollywood։

***

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 100-ԱՄԵԱԿԸ

CouncilMusaLer2Երեքշաբթի, 29 Մարտի առաւօտուն, Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդը յատուկ հանդիսութեամբ մը ոգեկոչեց Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակը։ Ձեռնարկը նախաձեռնուած էր Խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի կողմէ եւ տեղի ունեցաւ քաղաքապետարանին մէջ։

Հանդիսութեան ընթացքին յանուն քաղաքապետ էրիք Կարսէթիի՝ հռչակագիր մը յանձնուեցաւ Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան ներկայացուցիչներուն։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Բարշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան ներկայ եղան ձեռնարկին։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022