Շաբաթական Լուրեր – 11 Ապրիլ 2014

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ
ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

PalmSundayPhotoԿիրակի, 13 Ապրիլը Ծաղկազարդ է, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը։

Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող պատգամը պիտի փոխանցէ  Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի պիտի ունենայ մանուկներու թափօրը, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութիւնները պիտի բաշխէ հաւատացեալներուն։ Թափօրին պիտի մասնակցին Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները։

Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկրորդ գալուստը։ Նկատի ունենալով որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2014 տարին հռչակած է »Տարեցներու Տարի«, այս տարի Դռնբացէքի կնքահայրն է եկեղեցւոյ տարեց ծխականներէն Տիար Գէորգ Աթմաճեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ

Երկուշաբթի, 14 Ապրիլը, Աւագ Շաբթուան առաջին օրն է։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Թեմիս զանազան եկեղեցիներուն մէջ պիտի հանդիսապետէ Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին։

Ստորեւ՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Աւագ Շաբթուան ժամանակացոյցը.-

Աւագ Երեքշաբթի, 15 Ապրիլին, Տասը Կուսանաց յիշատակի օրը, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ արարողութեան։

Աւագ Հինգշաբթի, 17 Ապրիլին, Առաջնորդ Սրբազանը Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարէ Ոտնլուայի արարողութիւնը, իսկ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ պիտի հանդիսապետէ Խաւարման Գիշերի արարողութեան։

Աւագ Ուրբաթ, 18 Ապրիլին, Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան եւ թաղման յիշատակի օրը, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի արարողութեան։

Աւագ Շաբաթ, 19 Ապրիլին, Ճրագալոյց Ս. Յարութեան, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի Պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Կիրակի, 20 Ապրիլին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ եւ Ս. Զատկուան խորհուրդը ներկայացնող պատգամը պիտի փոխանցէ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան հետեւեալ ժամանակացոյցով պիտի մասնակցի Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն.-

Աւագ Հինգշաբթի – Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցի
Աւագ Ուրբաթ – Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի, Օրէնճ Քաունթի
Աւագ Շաբաթ – Ս. Սարգիս Եկեղեցի, Փասատինա
Ս. Զատիկ – Ս. Նահատակաց Եկեղեցի, Էնսինօ

***

Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ ՄԷՋ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի Ս. Յարութեան Տօնին առիթով, Ս. Պատարագ կը մատուցուի »Արարատ Տան« Միշըն Հիլզի համալիրին մէջ։

Այս տարի, նկատի ունենալով որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2014 տարին հռչակած է “Տարեցներու Տարի”, Առաջնորդ Սրբազանը, Չորեքշաբթի, 16 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Ոտնլուայի յատուկ արարողութիւնը պիտի կատարէ Արարատ Տան մատրան մէջ, լուալով հաստատութեան բնակիչ տարեցներու ոտքերը։

Նախքան Ոտնլուայի արարողութիւնը, առաւօտեան ժամը 10-ին, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս Հոգեւորականաց Դասին, ժամերգութիւն պիտի կատարուի հիւանդանոցի բաժինին մէջ։

***

ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՆՇԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 99-ԱՄԵԱԿԸ

Sacramento1Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, 7 Ապրիլին, Sacramento-ի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին  նուիրուած ոգեկոչման յատուկ արարողութիւններ։

Առաջնորդ Սրբազանը հրաւէր ստացած էր Ծերակոյտի նիստին բացման աղօթքը կատարելու։ Նկատի ունենալով որ ան Անթիլիաս կը գտնուէր, յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան կատարեց բացման աղօթքը։ Առաջնորդ Սրբազանը կը յիշէր Հայոց Ցեղասպանութեան եւ բոլոր ցեղասպանութեանց զոհերը, մասնաւորաբար, այս օրերուն Սուրիոյ մէջ սպաննուած անմեղ քաղաքացիները, աղօթելով որ Աստուած անոնց հոգիները խաղաղութեան մէջ հանգչեցնէ, ինչպէս նաեւ բոլորս հեռու պահէ փորձանքներէ եւ համայն մարդկութիւնը շարունակէ ապրիլ խաղաղութեամբ, սիրով ու յարգանքով։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէր պետական անձնաւորութեանց, որոնք ամէն տարի կը յիշատակեն մեր նահատակները, եւ իրենց զօրակցութիւնը կը ցուցաբերեն հայ ամերիկեան համայնքին եւ Հայ Դատին։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022