Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
ՄԵՌԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԶԱՏԿԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ՄԷՋ
Կիրակի, 16 Ապրիլ 2017ը մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Յարութեան Հրաշափառ տօնն է։ Քրիստոնեայ աշխարհին ու ողջ հայութեան հետ միասին, մեր Թեմի զաւակներն ալ պիտի տօնեն մահուան վրայ Աստուածորդւոյն տարած յաղթանակին ցնծութիւնը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ Ս. Զատկուան իր պատգամը պիտի փոխանցէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։
Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան պիտի պատարագէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ։
Երկուշաբթի, 17 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10ին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ Թեմիս հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ, մեռելոց յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի Հոլիվուտ Հիլզի Forest Lawn գերեզմանատան «Hall of Liberty»-ի սրահին եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցւոյ մէջ։
«ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ՄԷՋ Երեքշաբթի, 18 Ապրիլին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ հոգեւորականաց դասու անդամներ «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի հաստատութիւնը պիտի այցելեն իրենց Զատկուան բարեմաղթութիւնները փոխանցելու համար: Առաւօտեան ժամը 10ին, հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի պիտի ունենայ աղօթքի պահ մը եւ տօնին յատուկ արարողութիւն։ Այնուհետեւ, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի հաստատութեան մատրան մէջ. պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան: Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը տարեցներու բնակարանային բաժինին մէջ պիտի կատարէ տնօրհնէքի արարողութիւն։
Արարողութիւններէն ետք, հոգեւորականաց դասը ճաշով պիտի հիւրընկալուի «Արարատ Տան» պատասխանատուներուն կողմէ:
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՂԸՊՏԻՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԱՊԻՈՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ
Ի լուր Ծաղկազարդի տօնին օրը, Եգիպտոսի մէջ Ղըպտի եկեղեցիներու դէմ ռմբային ահաւոր ոճիրներուն, որոնք խլեցին շուրջ 50 հաւատացեալներու կեանքն ու վիրաւորեցին հարիւրաւոր ուրիշներ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանը ցաւակցութիւն յայտնեց ղըպտիներու Լոս Անճելըսի, Հարաւային Քալիֆորնիոյ ու Հաուայիի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սրապիոն Եպիսկոպոսին, դատապարտելով անմեղներու դէմ ոճրային արարքներն ու հայութեան զօրակցութիւնը յայտնելով Ղըպտի համայնքին։
***