Շաբաթական Լուրեր – 17 Ապրիլ 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԽԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Կիրակի, 19 Ապրիլը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող երրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Կանաչ կամ Աշխարհամատրան Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին կը գտնուի Լաս Վեկասի մեր ծխական համայնքին հետ, որ մէկէ աւելի պատճառներով պատմական հանգրուան մը կը նշէ գաղութի կեանքին մէջ։ Կիրակի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ պիտի փոխանցէ Կանաչ Կիրակիի խորհուրդը ներկայացնող պատգամը։

Շաբաթ յետմիջօրէին, ժապաւէնի հատումով տեղի պիտի ունենայ Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսարանի պաշտօնական բացումը։ Աւելի ուշ, Լաս Վեկասի համալսարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակումը պիտի կատարուի ոգեկոչական յուշատախտակի մը քողազերծումով։ Յուշատախտակը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներուն. հովանաւորուած է Թարխանեան ընտանիքի կողմէ ի յիշատակ իրենց հօր՝ ծանօթ մարզիչ Ճերի Թարխանեանին։ Այնուհետեւ, տեղի պիտի ունենայ հայկական մշակոյթի յայտագիր մը։ Իսկ երեկոյեան, Tropicana պանդոկի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ընդունելութիւն մը, նոր պատուոյ հիւպատոսին՝ Տիար Ատրուշան Արմէնեանի պաշտօնի ստանձնումին առիթով։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՄԷՋ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՆԻՍՏԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՂՕԹՔԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ

Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, 20 Ապրիլին, Sacramento-ի նահանգային խորհրդարանի նիստերուն տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման յարգանքի յատուկ արարողութիւններ։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ Ծերակոյտի նիստին բացման աղօթքը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պիտի ընկերանայ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան։

Ժողովին զուգահեռ, կազմակերպուած է ցուցահանդէս, իսկ աւելի ուշ՝ պաշտօնական ընդունելութիւն մը։ Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 10ին. կը ցուցադրուին հայկական մշակոյթն ու Ցեղասպանութիւնը պատկերող իրեր եւ գիրքեր, իսկ ընդունելութիւնը նախատեսուած է ժամը 2ին։

***

ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ

Նախաձեռնութեամբ Փասատինայի Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Յանձնախումբին, Շաբաթ, 18 Ապրիլին, Փասատինայի Memorial Park-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան յուշարձանի պաշտօնական բացումը։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Գերպ. Տ. Միւոռն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանն ու ԱրԺ.
buy orlistat online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/orlistat.html no prescription

Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան պիտի մասնակցին յուշարձանի բացման արարողութեան։

Նշենք որ Առաջնորդ Սրբազանը տարի մը առաջ կատարած էր յուշարձանի հիմնօրհնէքը, իսկ Յունուարին կատարած էր յուշարձանի կառուցման մեկնարկի արարողութիւնը։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022