ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 27 Ապրիլը, Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող Կիրակին է, Նոր Կիրակի, որ նաեւ կը կոչուի կրկնազատիկ։
Հաստատուած աւանդութեան համաձայն, Նոր Կիրակիին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Եկեղեցւոյ հասցէն է.- 13050 Vanowen St., North Hollywood։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի Թեմիս բոլոր հին եւ նոր ննջեցեալ Հոգաբարձուներուն, Երեսփոխաններուն եւ եկեղեցւոյ մէջ ծառայողներու հոգիներուն համար։
***
ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԻ ՀԻՄՆՕՐՀՆԷՔ
Նախաձեռնութեամբ Փասատինայի Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Յանձնախումբին, Կիրակի, 27 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Փասատինայի Memorial Park-ին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի մասնակցի Ցեղասպանութեան յուշակոթողի հիմնօրհնէքի արարողութեան։ Պիտի իրագործուի պատշաճ յայտագիր, մասնակցութեամբ շրջանի հայկական միաւորներուն։ Memorial Park-ի հասցէն է՝ 85 E. Holly St., Pasadena.
***
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ
Չորեքշաբթի, 23 Ապրիլի առաւօտեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 99րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման յարգանքի յատուկ արարողութիւն մը, որ կազմակերպուած էր քաղաքապետարանին կողմէ, գլխաւորութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի անդամ Փօլ Գրիգորեանի։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին։ Հայր Սուրբին կþընկերանային Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլիան եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։
***