Շաբաթական Լուրեր – 28 Ապրիլ 2017

ԿԱՆԱՉ ԿԻՐԱԿԻԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

– ԱՂՕԹՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՍԿՐԱԾՈՒԾԻ ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ՀԱՄԱՐ

ABMDRLogoԿիրակի, 30 Ապրիլ 2017-ը Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող երկրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Աշխարհամատրան կամ Կանաչ Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Նոյն օրը, Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի խնդրանքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի առ Աստուած, որպէսզի առաջնորդէ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկին մարդասիրական առաքելութիւնը եւ բուժում պարգեւէ հիւանդներուն։ Հիմնարկի ներկայացուցիչները ներկայ պիտի ըլլան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, տեղեկութիւններ պիտի տան Հիմնարկի աշխատանքներուն մասին եւ պիտի գրանցեն նոր նուիրատուներ։

*** ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

LebaneseEvent2Կիրակի, 23 Ապրիլի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի ի պատիւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Պեվըրլի Հիլզի «Greystone Mansion» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ «Լիբանանեան-Ամերիկեան Միջազգային Փոխանակումներու» վարչութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ընդունելութեան, շնորհաւորեց գլխաւոր հիւպատոսը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ապագայ աշխատանքներուն։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022