ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՄԱՆ 3ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին Լաս Վեկաս կը գտնուի, ուր Կիրակի, 1 Մայիս 2016ին, Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ օծման 3րդ տարեդարձին առիթով Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ։
Ս. Պատարագէն ետք, հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հովիւին, հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան, սիրոյ ճաշ տեղի պիտի ունենայ «Գուճաքեան» սրահին մէջ։
***
ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Հինգշաբթի, 5 Մայիսը, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնն է։ Տարիներու աւանդութեան համաձայն, պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ եւ տեղի պիտի ունենայ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմնի կազմակերպած աւանդական ճաշկերոյթը։
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։
Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ ժամը 11։30-ին, Կլենտէյլի «Metropol» ճաշասրահին մէջ (701 S. Central Ave., Glendale), հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Հիւրընկալն է Ազգային Առաջնորդարանի նուիրատուներէն՝ Տիկին Մարուշա Արթան։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է հեռաձայնել Ազգային Առաջնորդարան։
***