Շաբաթական Լուրեր – 3 Ապրիլ 2015


Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 5 Ապրիլ 2015-ը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնն է։ Սուրբ Զատկուան տօնին առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ Ս. Զատկուան պատգամը պիտի փոխանցէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ պիտի քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Շաբաթ, 4 Ապրիլին, Ճրագալոյց Ս. Յարութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ համալիրին նահատակաց վերանորոգուած յուշակոթողին օրհնութիւնը ու մասնակից պիտի ըլլայ այս առիթով պատրաստուած յայտագիրին եւ խթման ընթրիքին: Նոյն օրը, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ պիտի քարոզէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ։

Իսկ Երկուշաբթի, 6 Ապրիլին, Ս. Յարութեան Մեռելոցի առթիւ, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Hollywood Hills-ի Forest Lawn գերեզմանատան “Hall of Liberty” սրահին մէջ, Hollywood Hills, եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան “Church of the Recessional” եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022