ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Կիրակի, 9 Ապրիլ 2017-ին պիտի նշէ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնը՝ Ծաղկազարդը: Այս առիթով, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ մանուկներու թափօրը։ Իսկ աւարտին, պիտի կատարուի Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկրորդ գալուստը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Փասատինայի Ս.
buy levitra soft online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/levitra-soft.html no prescription
Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, պիտի ուղղէ իր պատգամը եւ իր օրհնութիւնները պիտի բաշխէ թափօրին մասնակցող մանուկներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին:
Բարձր. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան՝ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ: Ս. Պատարագը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:30ին:
***
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ
Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին ունի սրբազան եւ բազմախորհուրդ արարողաշարք մը, որ կ’երկարի մէկ շաբթուան վրայ եւ ծանօթ է Աւագ Շաբաթ անունով: Այս տարի, Աւագ Շաբաթը կը սկսի Երկուշաբթի, 10 Ապրիլին: Շաբթուան իւրաքանչիւր օրը նուիրուած է Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան վերջին օրերու յիշատակման:
Երեքշաբթի, 11 Ապրիլը նուիրուած է 10 Կոյսերու առակին: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Էնսնիոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ արարողութեան: Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան պիտի ըլլայ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցի, իսկ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի: Արարողութիւնները պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 7ին:
Հինգշաբթի, 13 Ապրիլին, կը կատարուի յիշատակումը աշակերտներուն հետ Յիսուսի Վերջին Ընթրիքին, Ս. Պատարագի խորհուրդի հաստատման, որուն ընթացքին Քրիստոս խոնարհութեան ու ծառայասիրութեան պատգամ մը տուաւ աշակերտներուն՝ լուալով անոնց ոտքերը: Նոյն երեկոյեան, կը յիշատակուին նաեւ Յուդայի մատնութիւնը, Յիսուսի ձերբակալումն ու դատավարութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը Ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ (ժամը 5ին), Հայր Թորգոմ պիտի ըլլայ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցի (ժամը 5ին), իսկ Հայր Վաչէ՝ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցի (ժամը 5:30ին): Աւելի ուշ, Առաջնորդ Սրբազանը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի նախագահէ Խաւարման Գիշերուան արարողութեան (ժամը 8ին), Հայր Թորգոմ՝ Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ արարողութեան (ժամը 7ին), իսկ Հայր Վաչէ՝ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ արարողութեան (ժամը 7ին):
Ուրբաթ, 14 Ապրիլին, պիտի կատարուի յիշատակումը Յիսուսի խաչելութեան ու թաղման: Առաջնորդ Սրբազանը պիտի ըլլայ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքին հետ, Հայր Թորգոմ՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, իսկ Հայր Վաչէ՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցի: Արարողութիւնները կը սկսին ժամը 7ին:
Շաբաթ, 15 Ապրիլը Ճրագալոյց է, որ կը տօնակատարուի երեկոյեան Ս. Պատարագով: Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի պիտի ունենայ մոմավառութեան արարողութիւն. հաւատացեալներ Ս. Խորանէն վառուած մոմեր պիտի տանին իրենց տուները, Ս. Յարութեան լոյսով լուսաւորելու իրենց ընտանեկան յարկերը: Առաջնորդ Սրբազանը պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (ժամը 5ին), Հայր Թորգոմ պիտի պաատարագէ եւ քարոզէ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ (ժամը 5:30ին), իսկ Հայր Վաչէ՝ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ (ժամը 5ին):
Կիրակի, 16 Ապրիլը Ս. Յարութեան տօնն է. մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի, տօնելու համար մահուան վրայ Քրիստոսի յաղթանակը եւ գոչելու. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»: Առաջնորդ Սրբազանը Ս.
buy ventolin online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/ventolin.html no prescription
Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ Ս. Զատկուան իր պատգամը պիտի փոխանցէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ (ժամը 11ին), Հայր Թորգոմ՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ (ժամը 10:30ին), իսկ Հայր Վաչէ՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ (ժամը 10:30ին):
Երկուշաբթի, 17 Ապրիլին, Ս. Յարութեան մեռելոցի յիշատակի օրը, Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարեն Հոլիվուտ Հիլզի Forest Lawn գերեզմանատան »Hall of Liberty«-ի սրահին եւ Կլենտէյլի Forest Lawn գերեզմանատան »Church of the Recessional« եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութիւնները պիտի սկսին ժամը 10ին:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից ըլլալու մեր Տիրոջ երկրաւոր առաքելութեան գագաթնակէտը բնորոշող այս արարողութեանց եւ հաղորդակից դառնալու Աւագ Շաբթուան իւրաքանչիւր օրուան ու Ս. Յարութեան տօնի պատգամներուն:
***