Շաբաթական Լուրեր – 8 Ապրիլ 2016

ԱՂՕԹՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՍԿՐԱԾՈՒԾԻ ՀԻՄՆԱՐԿԻ  ՀԱՄԱՐ

– ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

ABMDR-LogoԿիրակի, 10 Ապրիլ 2016ը, Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող երկրորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Աշխարհամատրան կամ Կանաչ Կիրակի։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի նախագահէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի փոխանցէ իր պատգամը եւ պիտի գնահատէ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկին, անոր տնօրէն Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի ու նուիրեալ կամաւորներուն ծառայութիւնները:

Արդարեւ, Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի խնդրանքով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, նոյն օրը, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի մարդասիրական այս հիմնարկին հոգածութիւնը վայելող հիւանդներուն առողջութեան, ինչպէս նաեւ նուիրեալ ծառայողներուն յաջողութեան համար։ Հիմնարկի անդամներ եւ ծառայողներ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղեկատուական-քարոզչական աշխատանք պիտի տանին իրենց առաքելութեան մասին։

Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ աղօթքով մասնակից դառնայ Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի խնամքին յանձնուած հիւանդներուն առողջութեան եւ ապաքինման համար։ Թող Աստուած վարձահատոյց ըլլայ այս առաքելութեան իրենց կամաւոր մասնակցութիւնը բերող նուիրեալներուն։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկը տարիներէ ի վեր լծուած է հայրենանուէր ու ժողովրդանուէր ծառայութեան: Հիմնարկը բուժումի միջոցներ կը տրամադրէ դժուար դարմանելի հիւանդութիւններէ տառապողներուն, մասնաւորաբար Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Հիմնարկութեան տնօրէնուհին ու ներկայացուցիչները պարբերաբար կ’այցելեն Առաջնորդ Սրբազնաին, զայն հաղորդ պահելու իրենց ծառայութիւններուն ու ծրագիրներուն եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը:

***

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԲԱՑ ՎԷՐՔ ՄԸ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

Armenian-ExhibitՇաբաթ, 16 Ապրիլին, Կլենտէյլի «Պրէնտ» գրադարանին եւ արուեստի կեդրոնին մէջ (1601 W. Mountain St, Glendale) տեղի պիտի ունենայ բացումը Հայաստանին ու հայութեան նուիրուած ցուցահանդէսի մը, որ կը կրէ «Հայաստան. Բաց Վէրք մը» խորագիրը:

Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Կլենտէյլի գրադարանի, արուեստներու եւ մշակոյթի բաժանմունքին կողմէ, գործակցաբար Հայ-Ամերիկեան թանգարանին: Ցուցադրութեան դրուած նիւթերը տրամադրուած են Մեքսիքայի մայրաքաղաքի «Յիշողութիւն եւ Հանդուրժողութիւն» թանգարանին կողմէ:

Բացման հանդիսութիւնը ժամը 1էն 4 է: Այնուհետեւ, ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 11 Յունիս, գրադարանի աշխատանքի ժամերուն: Յառաջիկայ շաբաթներուն, հանրութեան պիտի ներկայացուին բազմազան յայտագիրներ, որոնց մանրամասնութիւնները կարելի է քաղել հետեւեալ կայքէջէն.- www.ArmenianAmericanMuseum.org/events.

Կը քաջալերենք մեր ժողովուրդը ներկայ ըլլալու բացման հանդիսութեան եւ յաջորդող շաբաթներու յարակից յայտագիրներուն։

***

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022