Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 Օգոստոս 2017-ին, Հայց. Առաքելական Եկեղեցին պիտի տօնէ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, որ մեր Թեմին մէջ անուանակոչութեան տօնն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ։
Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի պատարագէ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, պիտի ուղղէ իր պատգամը եւ յաւարտ Ս. Պատարագի՝ պիտի կատարէ խաղողի ու մատաղի օրհնութիւնը։
Նոյն օրը, Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան պիտի պատարագէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ, իսկ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը՝ ներկայ ըլլալու սրբազան արարողութեանց եւ հաղորդակից ըլլալու տօնին խորհուրդին։
***
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ «ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ» ՄԷՋ
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ս. Աստուածածայ Վերափոխման տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազանն ու Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ Երեքշաբթի, 15 Օգոստոսին պիտի այցելեն «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի կեդրոնը եւ տօնին խորհուրդով պիտի համակեն հաստատութեան պատսպարեալներն ու անձնակազմը։
Առաւօտեան ժամը 10-ին, հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ աղօթք եւ խաղողօրհնէք։ Ապա, հաստատութեան մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։ Այնուհետեւ, տարեցներու բնակարաններու բաժինին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ աղօթք եւ խաղողօրհնէք։
Արարողութիւններէն ետք, հոգեւոր հայրերը պիտի վայելեն հաստատութեան ճաշի հիւրընկալութիւնը։
***