Շաբաթական Լուրեր – 14 Օգոստոս 2015


Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ
ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

AssumptionՀայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Կիրակի, 16 Օգոստոս 2015ը Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնն է, մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկը։ Աստուածածնայ տօնը նաեւ տօնն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան։

Այս տօնին առիթով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի, ապա նաեւ տեղի պիտի ունենան անդաստանի, խաղողօրհնէքի եւ մատաղի օրհնութեան աւանդական արարողութիւնները։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի պատարագէ Կլէնտէյլի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, օրուան խորհուրդը ներկայացնող պատգամ մը պիտի փոխանցէ եւ Անթիլիասի Մայրավանքէն բերած նոր Միւռոնով ջրօրհնէք պիտի կատարէ։ Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ մատաղօրհնէք ու խաղողօրհնէք։

Այս տօնին առիթով, Շաբաթ, 15 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի նախատօնակի հսկում։

***

ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՐԱԳԷ
ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

KrikorSerpazanԹեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանը Երեքշաբթի, 11 Օգոստոսի կէսօրին ընդունեց այցելութիւնը Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանի, որ անձնական այցելութեամբ մը Լոս Անճելըս կը գտնուի:

Հանդիպումը առիթ ծառայեց երկու Թեմերու ծառայական աշխատանքի մարզերուն մասին խորհրդակցութեան,մասնաւորաբար շեշտը դնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միւռոնօրհնէքին առթած վերանորոգման եւ հոգեւոր պայծառութեան բացարիկ տպաւորութեան վրայ:

Առաջնորդ Սրբազանին հրաւէրին ընդառաջելով, հիւր Սրբազանը Կիրակի, 16 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ:

***

SUPERVISOR ՄԱՅՔԸԼ ԱՆԹՈՆՈՎԻՉԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

IMG_1863Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս 2015ի երեկոյեան, Լոս Անճելըս գաւառի վերակացու Michael Antonovich-ի ծննդեան տարեդարձին առթիւ, ճաշկերոյթ-ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան ներկայ եղան ձեռնարկին: Հայր Միւռոն ընթերցեց այս առիթով Անթոնովիչի ուղղուած Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորական գիրը, որուն մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կը մաղթէր քաջառողջութիւն, երջանկութիւն եւ յաջողութիւն, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն եւ գնահատանք կ’արտայայտէր հայ համայնքին ի նպաստ անոր տարիներու զօրակցութեան ու բարեկամական սերտ կապերուն համար:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022