Շաբաթական Լուրեր – 15 Օգոստոս 2014

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Assumption-of-St-MaryԿիրակի, 17 Օգոստոս 2014ը Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնն է, մեր եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն չորրորդը։ Այս առիթով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. եւ Անմահ պատարագ պիտի մատուցուի, ապա նաեւ տեղի պիտի ունենան անդաստանի եւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնները։

Աստուածածնայ տօնը նաեւ տօնն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան։

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ մատաղօրհնէք ու խաղողօրհնէք։

Շաբաթ, 16 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի նախատօնակի հսկում. ուխտաւոր հաւատացեալներուն համար, եկեղեցին իր դուռները բաց պիտի պահէ մինչեւ ուշ գիշեր։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալները մասնակից ըլլալու Վերափոխման տօնի արարողութեանց, խնդրելով բարեխօսութիւնը Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինի եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:

***

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԵՒ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՈՒՂՂԱԿԻ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓՌՈՒՄ “NOURSAT ” ԿԱՅԱՆԷՆ

Bikfaya ChapelՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքը ուրախութեամբ կը հաղորդէ, որ այս տարի, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Շաբաթ, 16 Օգոստոսի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս.
buy priligy online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/priligy.html no prescription

Աստուածածին մատրան Ուխտի օրուան Ս. Պատարագը ուղղակի պիտի պատկերասփռուի լիբանանեան “Noursat” կայանէն:

Մեր Թեմի հաւատացեալները կրնան ուղղակի հաղորդումին հետեւիլ Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 10ին (Pacific Time), “Noursat” կայանէն, կամ համացանցի հետեւեալ հասցէին միջոցով. http://www.noursat.tv/ar/receive-us.php?chid=2

Վստահ ենք մեր հաւատացեալները պիտի վայելեն Ս. Աստուածածնի տօնի նուիրուած Ս. Պատարագը եւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022