ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ ԵՒ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՈՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ
Այս շաբաթավերջին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի ըլլայ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր ծխական համայնքին հետ։ Սան Ֆրանսիսքօ պիտի ըլլան նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ:
Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ տարեկան ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ըստ ծխական համայնքի հոգաբարձութեան բարի աւանդութեան, այս տարի պիտի մեծարուին գաղութի նուիրեալներէն՝ Տէր եւ Տիկին Ճորճ եւ Մէյրի Աթաշքարեան եւ Տիկին Արաքս Սարեան:
Կիրակի, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի պատարագէ եւ օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը պիտի ուղղէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը նոր օրհնուած Ս. Միւռոնով ջրօրհնէք պիտի կատարէ։