ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 30 Օգոստոս 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս.
buy cialis professional online pavg.net/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/cialis-professional.html no prescription
Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը նոր օրհնուած Ս. Միւռոնով ջրօրհնէք պիտի կատարէ։
Կոչ կþընենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ մասնակից դառնայ արարողութեան եւ օրհնուած ջուր ստանալով՝ Սրբալոյս Միւռոնի շնորհաբաշխ ներկայութիւնը ունենայ իր ընտանեկան յարկին տակ:
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՍԿՐԱԾՈՒԾԻ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ
Կիրակի, 23 Օգոստոսի երեկոյեան, Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկը Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ ունեցաւ իր 16րդ տարեկան ճաշկերոյթը: Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ կատարեց բացման աղօթքը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան:
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս բարեսիրական հիմնարկութեան աշխատանքին մասին, աղօթք բարձրացուց, որ Աստուած օրհնէ Հիմնարկի նախագահուհին՝ Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընն ու վարչութիւնը, ինչպէս նաեւ կամաւոր ծառայողները, որոնք ժողովրդանուէր աշխատանք կը տանին մարդկային կեանքեր փրկելու նպատակով: Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ դրուատեց բարերարներն ու Հիմնարկութեան հովանաւորները, որոնք զօրավիգ են մարդասիրական աշխատանքներուն, միաժամանակ օրհնելով երեկոյթին ընթացքին պատիւի արժանացած նուիրեալները, որոնք իրենց գործօն զօրակցութեամբ մասնակից են այս հիմնարկի առաքելութեան:
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ «ADVENTIST» ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ 110ԱՄԵԱՅ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ
Չորեքշաբթի, 26 Օգոստոսի երեկոյեան, Կլենտէյլի Adventist հիւանդանոցը յատուկ հանդիսութեամբ մը նշեց իր հիմնադրութեան 110րդ տարեդարձը: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորական պատգամը:
Իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հիւանդանոցի վարչութեան նախագահ Քեւին Ռապըրթցը, վարչական խորհուրդի անդամները, բժիշկները, անձնակազմն ու կամաւոր ծառայողները, գնահատելով հիւանդանոցին աւելի քան մէկ դարեան ծառայութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթելով անոնց աշխատանքին: Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ այս հիւանդանոցը յարգանքի եւ սիրոյ արժանի տեղ ունի Կլենտէյլի ու շրջակայքի ժողովուրդին կեանքին մէջ, շնորհիւ իր մարդասիրական ու հոգածու ծառայութիւններուն ու հետեւելով Տիրոջ ցոյց տուած ուղիին: Իր խօսքի աւարտին, ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ հոգատար ու հովանի ըլլայ բժշկութեան ազնիւ ծառայութեան եւ առաքելութեան լծուած անձնակազմին ու պատասխանատուներուն, առաջնորդէ անոնց աշխատանքները եւ օրհնէ անոնց խնամքը վայելող հիւանդները:
***