Շաբաթական Լուրեր – 7 Օգոստոս 2015

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ ՄԷՋ

– ՆՈՐ ՕՐՀՆՈՒԱԾ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ԲԱՑՈՒՄ «ՄՈՎՍԷՍԵԱՆ ԺՈՂՈՎԱՍՐԱՀ»Ի ԵՒ «ՍՈՒԼԱՀԵԱՆ ԲԱԿ»Ի

OrangeCountyChurchԿիրակի, 9 Օգոստոս 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ, նոր օրհնուած Ս. Միւռոնով ջրօրհնէք պիտի կատարուի եւ օրհնուած ջուրը պիտի բաշխուի հաւատացեալներուն։

Ս. Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը «Ժուլիան եւ Ալին Մովսէսեան Ժողովասրահ»ի եւ «Սուլահեան Բակ»ի օրհնութիւնն ու պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022