ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս.
buy avanafil online pridedentaloffice.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/avanafil.html no prescription
ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՎԱՀՐԻՃ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ
Կիրակի, 18 Դեկտեմբեր 2016ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Ազգ. Վարչութեան նախկին անդամներէն Վահրիճ Փիլաւճեանի հոգւոյն համար, մահուան Ա. տարելիցին առիթով: Վ. Փիլաւճեան բազմաթիւ տարիներ ծառայած է Արեւմտեան մեր Թեմին. Ազգ. Վարչութեան անդամակցութեան կողքին, մաս կազմած է Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի Ուսումնական Մարմնի ու Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: