ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ՀԱՅՑ. ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
– Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2016ը Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագին եւ քրիստոնէութեան առաջին մարտիրոսին տօնն է։ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը նաեւ տօնն է սարկաւագներուն եւ եկեղեցւոյ Ս. Խորանին սպասարկողներուն։
Այս առիթով, Կիրակի, 25 Դեկտեմբերին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագի ընթացքին, պիտի նշուի Սուրբ Ստեփանոսի յիշատակը։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը՝ վեր առնելով Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վարքը, նահատակութիւնն ու ինքնամատոյց ծառայութեան իմաստը, ապա, պիտի օրհնէ սարկաւագները։
***
Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ ՄԷՋ
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւոր դասուն, Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբերին, Ս. Ծննդեան յատուկ աղօթք եւ ջրօրհնէք պիտի կատարուի Արարատ Տան Միշըն Հիլզի հաստատութեան մէջ. հաստատութեան վարչակազմը, անձնակազմն ու տարեց բնակիչները հաղորդակից պիտի դառնան ամանորի ու Ս. Ծննդեան խորհուրդին եւ պիտի ստանան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները եւ տօնական բարեմաղթանքները:
Այցելութիւնը պիտի սկսի ժամը 10-ին. առաջին հերթին, հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ պիտի կատարուի տնօրհնէքի եւ ջրօրհնէքի արարողութիւն, ապա, հոգեւոր հայրերը աղօթքի պահ պիտի ունենան նաեւ հաստատութեան մատրան մէջ: Աւարտին, հաստատութեան պատասխանատուները տօնական ճաշով պիտի հիւրասիրեն հիւր հոգեւորականները:
***