Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԻ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 28 Դեկտեմբեր 2014ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր Թեմերու եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագի պիտի ընթերցուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները ներկայ գտնուելու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ունկնդրելու համար Վեհափառ Հայրապետին կոչը՝ ուղղուած Հայ ազգի բոլոր զաւակներուն, որպէսզի Ն.Ս. Օծութեան պատգամին խորհուրդով, Ցեղասպանութեան 100 ամեակը՝ 2015 տարին առաւել պահանջատիրութեամբ դիմաւորենք:
***
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՔՐԵՍԵՆԹԱ ՀՈՎԻՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
– Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Հինգշաբթի, 25 Դեկտեմբեր 2014ը Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնն էր։ Քրիստոնեայ եկեղեցւոյ առաջին սպասարկող Սարկաւագին ու նահատակին յիշատակի տօնը նաեւ տօնն է մեր բոլոր սարկաւագներուն։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 28 Դեկտեմբերին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագի ընթացքին, Ս. Ստեփանոսի յիշատակը պիտի նշուի եւ հոգեւոր հայրերը վեր պիտի առնեն Ստեփանոս Նախասարկաւագի նահատակութեան իմաստն ու ծառայական ոգիին արժէքը, շնորհաւորելով ու գնահատելով բոլոր Սարկաւագներուն անսակարկ ծառայութիւնը։
Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազանը Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ։
***
ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԱՂՕԹՔ ՄԵՐ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Հայկական գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է նոր տարին դիմաւորել Աստուծոյ Տան մէջ, երախտագիտութիւն յայտնել մեզի շնորհուած բարիքներուն համար ու կեանքի նոր շրջանը բանալ աղօթքով եւ երկնատուր պարգեւներու խնդրանքով։
Համաձայն այս աւանդութեան, Հինգշաբթի, 1 Յունուար 2015-ին, Ամանորի օրը, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ առաւօտեան ժամերգութիւն տեղի պիտի ունենայ, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն առիթ պիտի ընծայէ իրենց շրջաններու եկեղեցիներուն մէջ աղօթքով անցնելու Նոր Տարուան առաւօտեան առաջին ժամերը:
Այս առիթով, մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը մաղթենք ուրախ նոր տարի մը, լի առողջութեամբ, երջանկութեամբ եւ խաղաղութեամբ:
***