ԱՂՕԹՔ ՏԷՐ ԶՕՐԷՆ ԲԵՐՈՒԱԾ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱՃԻՒՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԽԱՉԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ
Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, մեր սուրբ նահատակներուն աւանդին ու ժառանգութեան հետ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ մնալու նպատակով, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ պիտի զետեղուին Նահատակաց մասունքները պարունակող խաչեր։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հանդիսապետութեամբ եւ Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներուն մասնակցութեամբ, Տէր Զօրէն բերուած նահատակաց աճիւններու աղօթք եւ խաչերու օծում պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2015ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։
Ներկայ պիտի ըլլայ Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը՝ Ազգ. Երեսփոխաններ, Հոգաբարձուներ, Տիկնանց Միութեանց ու Դպրաց Դասերու անդամներ եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու դաստիարակներ։
Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրուած է ներկայ ըլլալու այս պատմական արարողութեան եւ հաղորդուելու Ս. Նահատակներու պատգամով։ Արարողութենէն ետք, «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յայտնենք, որ նահատակներու մասունքները պիտի ամփոփուին խաչերու պահպանակներուն մէջ։ Խաչերը մեր եկեղեցիներու Հովիւներուն ու Հոգաբարձութեանց պիտի յանձնուին 6 Յունուարին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր աւանդական ընթրիքի երեկոյին ընթացքին, Մոնթեպելոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ։
***
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 85-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի, 13 Դեկտեմբերին, կ.ե. ժամը 4-ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ Վարժարաններու հիմնադրութեան 85-ամեակի տօնակատարութիւնը։
Ձեռնարկը կը վայելէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած է Ազգ. Առաջնորդարանի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու վերահսկող Մարմինի կողմէ։
Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Կիրակնօրեայ Վարժարաններու աշակերտները։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը ներկայ ըլլալու 85ամեակի հանդիսութեան եւ հաղորդակից ըլլալու մեր մանուկ ու պատանի զաւակներուն հոգեմտաւոր սնունդ ջամբող Կիրակնօրեայ վարժարանի առաքելութեան հետ:
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐԵՐՈՒ ԱՌԻԹՈՎ ՖՐԵԶՆՕ Կ’ԱՅՑԵԼԷ
Այս շաբաթավերջին, Առաջնորդ Սրբազանը հովուական այցելութիւն մը պիտի տայ Ֆրեզնոյի մեր համայնքին եւ տօնական օրերու նախօրեակին, հանդիպումներ պիտի ունենայ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ ծխական անդամներու հետ:
Կիրակի, 6 Դեկտեմբերին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։
***