Շաբաթական Լուրեր – 5 Դեկտեմբեր 2014

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ 26ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2014ը, Հայաստանի երկրաշարժի 26-րդ տարելիցն է։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ի յիշատակ երկրաշարժի զոհերուն։

Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի փոխանցէ իր պատգամը եւ պիտի նախագահէ հոգեհանգստեան արարողութեան։

***

ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԸ

AGCCMeetingՉորեքշաբթի, 3 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Յանձնախումբի հերթական ժողովը, հիւրընկալութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին։ Ժողովը սկսաւ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ յաջողութեան մաղթանքներով։

Խորհրդակցութեան նիւթ եղան Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ծրագիրները։

***

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՆՏԻՈՔԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ժՈԶԷՖ ԱՐՔ. ԶԱՀԼԱՈՒԻՆ

MetropolitanJosephՇաբաթ, 6 Դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի Ս. Նիկողայոս Անտիոքի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Ժոզէֆ Արք. Զահլաուի գահակալութեան արարողութիւնը: Զահլաուի Արքեպիսկոպոս իր նոր պաշտօնին ընտրուած էր Յուլիս 2014ին: Անցեալ 10 տարիներուն ան Անտիոքի Ուղղափառ համայնքին Առաջնորդն էր Լոս Անճելըսի եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորական նամակ մը յղեց Ժոզէֆ Արքեպիսկոպոսին, վեր առնելով այն սերտ կապերը որոնք ստեղծուած են իրենց միջեւ Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ անոր պաշտօնավարութեան օրով, խնդրելով Աստուծմէ որ հովանի ու առաջնորդ ըլլայ անոր գործունէութեան իր նոր առաքելութեան իրականացման մէջ, նաեւ պահապան ըլլայ Անտիոքի Ուղղափառ համայնքին, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022