Շաբաթական Լուրեր – 12 Փետրուար 2016

 

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Dyarnentarach1Կիրակի, 14 Փետրուարը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնն է, Տեառնընդառաջ։ Շաբաթ, 13 Փետրուարի երեկոյեան, Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ պիտի կատարուի։ Արարողութեան ընթացքին, ծնողներ իրենց նորածին մանուկներն ու փոքր երեխաները Ս. Խորանին կþընծայեն, ուր քահանայ հայրերը զանոնք աղօթքով կը մատուցեն Ս. Խորանին։

Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութեան եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Արարողութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6։30-ին։ Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական խմբապետներ եւ անդամներ ներկայ պիտի ըլլան արարողութեան։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ պիտի բոցավառի աւանդական խարոյկը եւ ժողովրդային ու հայրենասիրական երգերով տեղի պիտի ունենայ Տեառնընդառաջի ժողովրդային հանդէս։

Աւելի ուշ, Առաջնորդ Սրբազանը, ներկայ հոգեւորականները, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատասխանատուներ եւ սկաուտներ, «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ պիտի համախմբուին սիրոյ սեղանի շուրջ, հիւրընկալութեամբ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը պիտի շնորհէ այն սկաուտներուն եւ արենոյշներուն, որոնք վերջին ամիսներուն հետեւեցան այս շքանշանին յատուկ դասընթացքին:

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

– ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆԸ ՊԻՏԻ ՄԱՏՈՒՑԱՆԷ ԻՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

SanFranciscoChurchԿիրակի, 14 Փետրուարին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան իր անդրանիկ Ս. Պատարագը պիտի մատուցանէ որպէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւը։

Մեծ Պահքի շրջանին զուգադիպող Տեառնընդառաջին, Տէրունի տօն ըլլալով, եկեղեցւոյ վարագոյրը բաց կ’ըլլայ Ս. Պատարագի ընթացքին։

***

ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆԻ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Lent-Lunch---ArmՉորեքշաբթի, 17 Փետրուարին, տեղի պիտի ունենայ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի Մեծ Պահքի աւանդական ճաշկերոյթը։

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի աշակերտութիւնը։

Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Արեւագալի արարողութենէն ետք, ժամը 11։30ին, Եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Պիտի իրագործուի գեղարուեսարական յայտագիր եւ պիտի հրամցուի Պահքի յատուկ ճաշեր։

Հետաքրքրուողներ կրնան դիմել Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներուն կամ Ազգ. Առաջնորդարան։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022