ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Կիրակի, 19 Փետրուար 2017ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին։
***
Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԵՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ
Երեքշաբթի, 21 Փետրուարը Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնն է, որ միաժամանակ մեր եկեղեցւոյ քահանայից դասուն տօնն է: Այս տօնին, կը յիշատակուի դերակատարութիւնն ու զոհաբերումը հայ հոգեւորականներուն, որոնք մասնակցեցան Աւարայրի ճակատամարտին եւ ապա, նահատակուեցան ի խնդիր քրիստոնէական հաւատքի ու ազգութեան:
Ամէն տարի, Թեմիս հոգեւորականաց դասը, գլխաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանին, միօրեայ յատուկ համագումար մը կ’ունենայ, քննարկելով թեմական հարցեր ու կատարելով հոգեւոր խորհրդածութիւններ, իսկ երեկոյեան կը մատուցուի Ս. Պատարագ:
Այս տարի, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին նուիրուած հոգեւորականաց համագումարը տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան: Վերոյիշեալ հարցերուն կողքին, օրակարգի վրայ է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին «Վերանորոգումի Տարուան» պատգամը։ Համագումարին, պիտի քննարկուին այս պատգամը գործնական քայլերու թարգմանելու միջոցները եւ պիտի մշակուին համապատասխան ծրագիրներ:
Համագումարի աւարտին, Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 5:30ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան: Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրուած է այս արարողութեան՝ հաղորդակից դառնալու համար Ս. Ղեւոնդեանց նահատակութեամբ ամրագրուած պատգամին:
***
ՏՕՆ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԶՕՐԱՎԱՐԱՑ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցին այս տարի Հինգշաբթի, 23 Փետրուարին պիտի նշէ Ս. Վարդանանց Զօրավարաց տօնը, ոգեկոչելու համար յիշատակը քրիստոնէական մեր հաւատքին համար Աւարայրի դաշտին մէջ 451-ին մղուած առաջին մեծ ճակատամարտին:
Հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն: Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան: Յաւարտ Ս. Պատարագի, պիտի երգուին Ս. Վարդանանց նուիրուած ու ազգային-հայրենասիրական երգեր:
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու Ս. Պատարագին եւ հաղորդուելու Ս. Վարդանանց անժամանցելի պատգամով:
***