ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ՝ ԲԱՐՁՐ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՊԻՏԻ ՔԱՐՈԶԷ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
– ՍՈՒՐԻՈՅ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ «ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ»Ի ԱՂՕԹՔ ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Կիրակի, 21 Փետրուար 2016-ին, Մեծ Պահոց Գ. Կիրակիին, որ կը կոչուի Անառակի Կիրակի, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս.
buy flagyl online healthcoachmichelle.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/flagyl.html no prescription
Պատարագին։ Օրուան պատգամը պիտի փոխանցէ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որ մեր Թեմը ժամանած է SARFի Թելեթոնին իր մասնակցութիւնը բերելու եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն իր կոչը յղելու։
Նոյն օրը, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուի Սուրիոյ խաղաղութեան եւ Սուրիահայ մեր գաղութի հաւատքի տոկունութեան եւ յարատեւութեան խնդրանքով։
Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն որ ներկայ ըլլան արարողութեանց, ապա յետմիջօրէին գործնական զօրակցութիւն արտայայտեն Թելեթոնին։