ՀՕՄ–Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ, ՏԵՂԱԿԱԼ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՄԵՐ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, եւ ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Փետրուարի վերջին Կիրակին յարգանքի օրն է ՀՕՄ-ի ննջեցեալներուն, որ կը յիշատակուի հոգեհանգստեան արարողութեամբ։
Կիրակի, 23 Փետրուար 2014ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ՀՕՄ-ի հին ու նոր ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։
Հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի նաեւ տեղակալ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին, իր սպանութեան 10րդ տարելիցին առթիւ, ինչպէս նաեւ Սումկայիթիի, Պաքույի եւ Մարակայի ջարդերու զոհերու հոգիներուն համար։
Կոչ կ՚ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ աղօթքով միանայ նուիրեալ հայուհիներու, ինչպէս նաեւ Տեղակալ Գուրգէն Մարգարեանի ու մեր Սումկայիթի, Պաքույի ու Մարակայի ջարդերու զոհերուն հոգեհանգստեան ու յիշատակին արարողութեանց։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Քոլորատոյի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար, Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ քարոզէ Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան։