ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՏԱՃԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՕՄ-Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Կիրակի, 26 Փետրուար 2017ը Բուն Բարեկենդան է։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Փետրուարի վերջին Կիրակին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի ՀՕՄ-ի հին ու նոր ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու Ս. Պատարագին եւ հաղորդակից դառնալու Բուն Բարեկենդանի հոգեպարար խորհուրդին։
***
ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երկուշաբթի, 27 Փետրուարին, կը սկսի Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը։ Մեծ Պահքի շրջանին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ ամէն Չորեքշաբթի առաւօտ տեղի կþունենայ Արեւագալի ժամերգութիւն, իսկ Ուրբաթ երեկոյ՝ Հսկումի արարողութիւն:
Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Արեւագալի առաջին ժամերգութեան, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի Մեծ Պահոց աւանդական ճաշկերոյթը «Տիգրանեան» սրահին մէջ։
***