Շաբաթական Լուրեր – 26 Փետրուար 2016

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՕՄ-Ի ՆՆՋԵՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ – Հ.Յ.Դ. 125-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ

FresnoChurchԹեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Ֆրեզնոյի ծխական մեր համայնքին եւ Կիրակի, 28 Փետրուար 2016-ին, Մեծ Պահոց Դ. Կիրակիին՝ Տնտեսի Կիրակիին, պիտի հանդիսապետէ Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։

Նոյն օրը, ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ՀՕՄ-ի հին ու նոր ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ Հ.Յ. Դաշնակցութեան 125-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ: Գլխաւոր բանախօսն է Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ ՊԻՏԻ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ

Չորեքշաբթի, 2 Մարտը Միջինք է. այս օրը մեր եկեղեցիներու տիկնանց միութիւններուն ու ՀՕՄի մասնաճիւղերու կողմէ ճաշի աւանդական հանդիպումներով կը նշուի մեր Թեմին մէջ, Արեւագալի արարողութենէն ետք:

Առաջնորդ Սրբազանը Միջինքին պիտի նախագահէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Արեւագալի արարողութեան, ապա, «Բաղրամեան» սրահին մէջ ներկայ պիտի ըլլայ պահքի ճաշկերոյթին, կազմակերպուած՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչին, հովիւին, հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան կողմէ:

***

ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

World_Day_of_Prayer_LogoՔրիստոնեայ աշխարհին մէջ բարի աւանդութիւն է, որ Մարտ ամսուան առաջին Ուրբաթ օրը, աւելի քան 170 երկիրներու մէջ կիներ ունենան Կանանց Համաշխարհային Աղօթքի Օրը:

Հարաւային Քալիֆորնիոյ շրջանին մէջ, հայ եկեղեցիներու անդամ կիներ եւս մասնակից կ’ըլլան այս արարողութեան: Այս տարի, Կանանց Աղօթքի Օրը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 4 Մարտին, հիւրընկալութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Բնաբան ընտրուած է «Երբ մանուկները ընդունիք՝ զիս ընդունած կ’ըլլաք» խօսքը: Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ արարողութեան եւ պիտի փոխանցէ իր օրհնութեան խօսքը։

Աղօթքի պահը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:30ին, որուն պիտի հետեւի օրուան յատուկ արարողութիւնը՝ ժամը 11ին: Տեղի պիտի ունենան Ս. Գիրքէն հատուածներու ընթերցում, խորհրդածութիւններ, պատգամներու փոխանցում եւ շարականներու երգեցողութիւն:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022