ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆՆ ՈՒ ԱԶԳ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ԱԶԳ. ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Դոկտ.
buy xifaxan online www.parkviewortho.com/wp-content/languages/new/prescription/xifaxan.html no prescription
Տիգրան Պապիկեան Պէյրութ մեկնեցան, մասնակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու նիստերուն, 9էն 11 Փետրուարին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Նոյն ժողովներուն պիտի մասնակցին նաեւ մեր շրջանը բնակող Ազգային Կեդրոնական Քաղաքական Ժողովի անդամներ՝ Տեարք Խաժակ Տիքիճեան եւ Վահէ Եագուպեան։
Կրօնական Ժողովի նիստը տեղի պիտի ունենայ 9 Փետրուարին, իսկ Քաղաքական Ժողովի նիստը՝ 10 Փետրուարին: Իսկ Հինգշաբթի, 11 Փետրուարին, նախատեսուած է Խառն Ժողովի նիստը, որուն կը մասնակցին թեմակալ առաջնորդները, Ազգ. Կեդրոնական ու թեմական Վարչութեանց ներկայացուցիչները: Նշենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովի անդամ է։
Ժողովներուն օրակարգի հարցերն են Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութեանց ու արդիւնքներուն արժեւորում, Սիսի Կաթողիկոսարանին վերատիրացման նպատակով դատական աշխատանքներուն ընթացքը, Արցախի մէջ Կաթողիկոսարանին հովանաւորած շինարարական աշխատանքը՝ »Նոր Կիլիկիա« գիւղին մէջ, Ս. Էջմիածինի հետ գործակցութեան դաշտերը, Սուրիոյ հայութեան տագնապն ու Թեմերուն հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ:
Լիագումար ժողովներուն կողքին, Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչը խորհրդակցութիւն պիտի ունենան Վեհափառ Հայրապետին հետ, քննարկելու համար անմիջականօրէն մեր Թեմին առնչուող հարցեր:
***
ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ԵՒ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆ
Կիրակի, 7 Փետրուարը Բուն Բարեկենդան է։ Իսկ Երկուշաբթի, 8 Փետրուարին, կը սկսի Մեծ Պահոց քառասնօրեայ շրջանը։ Մեծ Պահքի շրջանին, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ ամէն Չորեքշաբթի օր տեղի կ’ունենայ Արեւագալի արարողութիւն, իսկ Ուրբաթ օրերուն՝ Հսկում:
Տարիներու բարի աւանդութիւն է, որ Առաջնորդ Սրբազանը Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահէ Արեւագալի առաջին ժամերգութեան, սակայն նկատի ունենալով, որ ան Անթիլիաս պիտի գտնուի Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան նիստերուն առիթով, Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան պիտի կատարէ արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի Մեծ Պահոց աւանդական ճաշկերոյթը։
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԽՕՍՔ ԱՐՏԱՍԱՆԵՑ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 65-ԱՄԵԱԿԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ
Հայ Կրթական Հիմնարկը Կիրակի, 31 Յունուարին, Beverly Hills Hotel-ի մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթով մը նշեց իր հիմնադրութեան 65րդ տարեդարձը: Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ արտասանեց շնորհաւորանքի ու գնահատանքի իր խօսքը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան։
Ձեռնարկին ընթացքին, գնահատանքի արժանացան երկու ազգայիններ՝ Ռալֆ Թիւֆէնքեան եւ Յակոբ Պաղտասարեան, անոնց կեանքի վաստակին ու հայութեան ի նպաստ ծառայութեան համար: Գլխաւոր բանախօսն էր Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան:
Մէջբերելով Պենճամին Ֆրէնքլինի այն խօսքը, թէ՝ «գիտութեան կալուածին մէջ շահարկումը լաւագոյն արդիւնքը կու տայ», նաեւ յիշելով այն խօսքը, թէ դաստիարակութիւնը ազգի մը հիմնաքարը կը հանդիսանայ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց այս կազմակերպութեան անդամներուն, որոնք նոր սերունդի դաստիարակութեան նուիրուած են ու այդ ճամբով՝ լաւագոյն ներդրումը կը կատարեն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, մեր դպրոցներուն տրամադրելով կենսական օժանդակութիւն, կրթաթոշակ՝ ուսանողներու, ու դեռ՝ աւելին: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց մեծարեալներուն, գնահատելով անոնց վաստակն ու մեր ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւնները՝ մեր գաղութի թէ աշխատարած կազմակերպութեանց ճամբով: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով խօսեցաւ բանախօսին ու անոր հարուստ վաստակին մասին, ու գնահատեց Հ. Կ. Հիմնարկութեան բարերարներուն ու բարեկամներուն զօրակցութիւնը՝ անոր նուիրեալ ծառայութիւններուն:
***