Շաբաթական Լուրեր – 23 Յունուար 2015

  ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 8-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

HrantDink8th-1Կիրակի, 18 Յունուարին, նախաձեռնութեամբ Պոլսահայ Միութեան, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 8րդ տարելիցին առիթով համահայկական հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին առջեւ։ Երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Պոլսահայ Միութեան, յուշ երեկոյ մը տեղի ունեցաւ միութեան սրահին մէջ։ Բանախօսն էր Հրանդ Տինքի բարեկամ՝ պատմաբան Փրոֆ. Թանէր Աքչամ, որուն շնորհուեցաւ Հրանդ Տինքի անուան “Հոգիի Ազատութեան եւ Արդարութեան” տարեկան երկրորդ մետալը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին։

***

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՄԻՕՐԵԱՅ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Women'sCoalitionՇաբաթ, 17 Յունուարի առաւօտեան, Պըրպենքի “Վուտպըրի” Համալսարանի յարկին տակ, տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Հայ Կանանց Համախմբումի միօրեայ գիտաժողովը:

Տասներեք կազմակերպութիւններ մէկտեղող այս համախումբին կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովին նպատակն էր գնահատել ու արժեւորել հայ կնոջ դերակատարութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ:

Գիտաժողովին քննարկումները կեդրոնացան հայ կնոջ գոյատեւման պայքարին եւ այս օրերու կարեւոր դերին, ինչպէս նաեւ գալիք մարտահրաւէրներուն եւ հայապահպանման գործընթացին վրայ։ Տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս եւ իրագործուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ աղօթքով կատարեց գիտաժողովի բացումը։ Մասնակիցներուն շարքին էին Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022