Շաբաթական Լուրեր – 6 Յունուար 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Կիրակի, 8 Յունուարին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի հանդիսապետէ Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։

***

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ «ԱՐԱՐԱՏ» ՏԱՆ ՄԷՋ

Մեր Թեմի տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, եւ տնօրինութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Երեքշաբթի, 10 Յունուարին, յատուկ ժամերգութիւն եւ Ս. Պատարագ պիտի կատարուի «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի կեդրոնին մէջ։

Առաւօտեան ժամը 10-ին, հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի պիտի ունենայ ժամերգութիւն, իսկ ժամը 10։30-ին, մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ։

Պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի պիտի ունենայ ջրօրհնէք, պատսպարեալները Ս. Հաղորդութիւն պիտի ստանան, ապա պիտի մասնակցին սիրոյ ճաշին։

***

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ “MEMORIAL” ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, եւ ընդառաջելով Կլենտէյլի «Memorial» հիւանդանոցի տնօրէնութեան հրաւէրին, Հինգշաբթի, 5 Յունուարին, կ.ա. ժամը 11-ին, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասու անդամներ այցելեցին հիւանդանոց։

Անձնակազմի անդամներուն ու հիւանդներուն համար, տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք եւ ջրօրհնէք։

Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանցեց պատասխանատուներուն ու ապաքինման մաղթանք՝ հիւանդներուն։

***

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՈՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 3 Յունուարի առաւօտուն ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մօտ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Տիկին Մատոնա Աուն Ղազալի, որ եկած էր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով շնորհաւորելու Առաջնորդ Սրբազանն ու բարեմաղթութիւններ փոխանցելու Թեմիս հայ համայնքին։

Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսը եղաւ Ազգ. Առաջնորդարանի 2012ի առաջին պաշտօնական այցելուն։ Նկատի ունենալով, որ ան պիտի չկարենայ ներկայ ըլլալ Առաջնորդ Սրբազանի Ս. Ծննդեան ընթրիքի երեկոյին, 6 Յունուարի երեկոյեան, եկած էր բարեմաղթութիւնները անձամբ հաղորդելու։

Նկատի ունենալով, որ Տիկին Ղազալ առաջին անգամն ըլլալով կ՚այցելէր Ազգ. Առաջնորդարան, Առաջնորդ Սրբազանը անոր ծանօթացուց բաժանմունքներն ու հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ աշխատանքի դաշտերուն մասին։ Հանդիպումին, խորհրդակցութեան նիւթ եղան ընդհանրապէս Լիբանանի հետ հայութեան սերտ կապերն ու հիւպատոսութեան հետ Առաջնորդարանիս գործակցական յարաբերութիւնները։ Այս ծիրին մէջ, Տիկին Ղազալ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներ բնակող լիբանանցիներու արձանագրութեան հարցին, նկատի ունենալով, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, քուէարկութիւնները կրնան տեղի ունենալ նաեւ հեռակայ դրութեամբ։

Մտերմիկ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէր մը յանձնեց Լիբանանի դիւանագիտական ներկայացուցիչին։

***

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022