Շաբաթական Լուրեր – 24 Յուլիս 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆՈՐ ՕՐՀՆՈՒԱԾ ՄԻՒՌՈՆՈՎ ՋՐՕՐՀՆԷՔ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

– ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՍՄԲԱՏ ԱՐՔ. ԼԱՓԱՃԵԱՆԻ ԵՒ ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԻՆԳ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Lisbon5Կիրակի, 26 Յուլիս 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։ Ծանօթ է, որ Առաջնորդ Սրբազանը մասնակից եղած էր Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ անոր զուգահեռ արարողութեանց ու հանդիսութեանց: Ս. Խաչ Մայր Տաճար այցելութիւնը պիտի ըլլայ առաջինը՝ Առաջնորդ Սրբազանին Անթիլիասէն վերադարձէն ետք:

Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ, Անթիլիասի Մայրավանքէն բերուած նոր օրհնուած Ս. Միւռոնով ջրօրհնէք պիտի կատարուի, եւ օրհնուած ջուրը պիտի բաշխուի հաւատացեալներուն։

Ս. Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի հոգելոյս Սմբատ Արք. Լափաճեանի վախճանման հինգերորդ տարելիցին առիթով։

Նոյն օրը նաեւ, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն պիտի կատարուի ի յիշատակ Լիզպոնի Հինգ հերոսներուն, անոնց նահատակութեան 32րդ տարեդարձին առիթով։

***

ՀՕՄ-Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 95ՐԴ ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՈՒՄ

ARS-Convention-1Հինգշաբթի, 16 Յուլիսին, ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Պատգամաւորական 95-րդ Ժողովին բացումը տեղի ունեցաւ Փասատինայի Հայ Կեդրոնին մէջ, մասնակցութեամբ միութեան Կեդրոնական, Շրջանային, մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչներուն եւ ընտրեալ պատգամաւորներուն: Տարեկան հերթականութեամբ գումարուող ժողովը այս նստաշրջանի կը կատարէ տարուած աշխատանքին գնահատականն ու կը ծրագրէ յաջորդ փուլը:

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան աղօթքով կատարեց նիստին բացումը եւ ընթերցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը: Ան վեր առաւ ՀՕՄի ժողովրդանուէր ու հայրենաշէն գործունէութիւնը, որ այս ափերուն սկիզբ առած է 95 տարիներ առաջ, կանգ առաւ այն իրողութեան առջեւ, որ այս տարուան ժողովը կը զուգադիպի Ցեղասպանութեան 100ամեակին, որ հայ կեանքի բոլոր անդամներուն պէս, մեր ժողովուրդին հարցերուն ու Դատին հետապնդման աշխատանքին մէջ ներգրաւած է նաեւ ՀՕՄը. ան յաջողութիւն մաղթեց ժողովին ու ընդհանրապէս ՀՕՄի աշխատանքներուն:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022