Շաբաթական Լուրեր – 29 Յուլիս 2016

ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

GlendaleChurchԿիրակի, 31 Յուլիս 2016-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը դպիրներու ձեռնադրութիւն պիտի կատարէ։ Դպիրի կարգ պիտի ստանան եկեղեցւոյ ծառայասէր պատանիներէն Սարգիս Օվայեան, Ալեքս Սանտալճեան, Մայքլ Սիմոնեան, Յակոբ Նալճեան, Յովհաննէս Մաճարեան, Մեսիա Մովսէսեան, Յովհաննէս Յովասափեան, Շանթ Սանտալճեան, Կարօ Նալճեան, Սարօ Սանտալճեան, Գէորգ Մաճարեան, Խաչատուր Չէրքէզեան, Խաչիկ Յովասափեան եւ Արշէն Չարմահալի։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու արարողութեան, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով եւ խնդակից ըլլալու նոր դպիրներուն:

*** ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԻՆԳ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 33ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Lisbon 527 Յուլիս 2016ը 33րդ տարելիցն է մեր նորագոյն պատմութեան սխրալի էջերէն՝ Հայ Դատի պայքարի ճամբուն իրենց կեանքերը նուիրաբերած Լիզպոնի հինգ հերոսներուն՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի նահատակութեան:

Համաձայն տարիներու աւանդութեան, եւ տնօրինութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Կիրակի, 31 Յուլիսին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Լիզպոնի Հինգին հոգիներուն համար:

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու արարողութեան, յարգանքով խոնարհելու Լիզպոնի Հինգին յիշատակին առջեւ եւ վերանորոգելով անոնց կտակին հաւատարմութեան ուխտը:

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022