ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Կիրակի, 6 Յուլիս, 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
Այս շաբթուան ընթացքին տեղի կունենան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 39րդ Նաւասարդեան մարզախաղերն ու փառատօնը, Պըրմինկհէմ Հայ Սքուլի համալիրին մէջ, Վէն Նայս։
Շաբաթ, 28 Յունիսի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան Յաղթանակի Պարահանդէսը, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 39րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեաններու եւ Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի այս տարուան տիտղոսին արժանացած եղբայր Համլէթ Չրախճեանի։ Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Գլխաւոր Հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ եւ միութեանց ու կազմակերպութեանց պատասխանատուներ։
Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքն ու բարեմաղթութիւնները։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան։
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց Տէր եւ Տիկին Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեան օրինակելի ամոլը, օրհնեց եւ գնահատեց անոնց վաստակն ու նուիրաբերումը մեր Թեմին եւ մեր ազգային կառոյցներուն։ Ան նաեւ շնորհաւորեց Տիար Համլէթ Չրախճեանին երկար տարիներու ծառայութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի։ Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ օրհնեց եւ գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը, բոլորին մաղթելով յաջող երթ։ Եզրափակելով, ան յաջողութիւն մաղթեց Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ փառատօնին։
***