Շաբաթական Լուրեր – 12 Յունիս 2015

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

– ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

PasadenaChurchԿիրակի, 14 Յունիս 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։

Յետմիջօրէին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Էնսինոյի Ֆերահեան Ազգ. Վարժարանի 12-րդ կարգի վկայականաց բաշխման հանդիսութեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պիտի ընկերանայ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան։

Հինգշաբթի, 11 Յունիսին, Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգ. Վարժարանի 8-րդ կարգի հանդէսին եւ իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց աշակերտներուն: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեան։

***

ԹԵՄԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ

VBSՈւրախ ենք տեղեկացնելու, թէ ամառնային արձակուրդի ընթացքին, կարգ մը ազգային վարժարաններ ու Թեմիս Կիրակնօրեայ Վարժարաններ այս տարի եւս կազմակերպած են ամառնային բանակումներ կամ Ս. Գրային դպրոցներ։

Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցին կազմակերպած է Ս. Գրային դպրոց, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 28 Յունիսէն մինչեւ Հինգշաբթի, 2 Յուլիս։ Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակը, (559) 486-1141 թիւին։

Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան հովանաւորութեամբ, կազմակերպուած է երիտասարդաց խմբակի ամառնային Camp Shining Light (Լուսաշող ճամբար) բանակումը, որ տեղի կ’ունենայ Կիրակի, 12 Յուլիսէն մինչեւ Շաբաթ, 18 Յուլիս, Angeles Crest Christian բանակավայրին մէջ։ Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակը, (323) 727-1113 թիւին։

Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ, Ս. Սարգիս Եկեղեցին այս տարի եւս Ս. Գրային դպրոց պիտի ունենայ, որ նախատեսուած է 6էն 31 Յուլիսին, Երկուշաբթիէն Ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9-էն 2։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակը (626) 793-2909 թիւին։

Օրէնճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանը ու երիտասարդական խմբակը եւս կազմակերպած են Ս. Գրային դպրոց, որ տեղի պիտի ունենայ Յովնանեան համալիրին մէջ, 13էն 17 Յուլիս, Երկուշաբթիէն Ուրբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9-էն 1։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակը (714) 839-7729 թիւին։

***

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ Ի ՆՊԱՍՏ ԱԶԳ. ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ

MesrobianConcert2Նախաձեռնութեամբ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգաբարձութեան, Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած բարեսիրական համերգ մը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 7 Յունիսի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի “Բաղրամեան” սրահին մէջ։ Ձեռնարկը կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը։

Բացման խօսքը արտասանեց Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Տիար Ճէք Հաճինեան։ Երաժշտական յայտագիրը կազուած էր Կոմիտասէն, Պապաճանեանէն, Յարութիւնեանէն եւ Պաղտասարեանէն կտորներով։ Ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարանին։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022