Շաբաթական Լուրեր – 13 Յունիս 2014

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ
ԷՆՍԻՆՈՅԻ Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան վերադարձաւ Վատիկանէն, որ ուղեւորուած էր մաս կազմելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատուիրակութեան։
Կիրակի, 15 Յունիս, 2014ին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Իսկ կ.ե. ժամը 3-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պիտի նախագահէ Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի 12-րդ կարգի շրջանաւարտներուն հանդէսին ու վկայականաց բաշխման, որ տեղի պիտի ունենայ վարժարանի «Աւետիսեան սրահին» մէջ։

***
ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆԻ ՇՈՒՐՋ ԶԵԿՈՅՑ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ

Լոս Անճելըսի Մանուկներու Հիւանդանոցի Տնօրէնութեան հրաւէրով, Ուրբաթ, 13 Յունիսի առաւօտուն, հոգեւորականաց դասի անդամներ եւ գաղութի ներկայացուցիչներ մասնակից եղան կլոր սեղանի շուրջ հանդիպման մը, ուր պատասխանատուներ ամփոփ զեկոյց մը ներկայացուցին Հայ գաղութին եւ Հայաստանի մէջ հիւանդանոցի կողմէ մատուցուած ծառայութեանց մասին։ Զեկոյցին հետեւեցաւ կարծիքներու փոխանակման եւ հարց-պատասխանի բաժին մը։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան մասնակցեցաւ սոյն հանդիպման եւ փոխանցեց Սրբազան Հօր օրհնութեան խօսքը։ Հայր Սուրբին կþընկերանար Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։

***

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022