Շաբաթական Լուրեր – 19 Յունիս 2015

ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԳԸՐՔ ԳՐԳՈՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Kirk KerkorianԻնչպէս ծանօթ է, հայ ժողովուրդը այս շաբաթասկիզբին կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակներէն՝ ազգային բարերար Գըրք Գրգորեանը: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ, Կիրակի, 21 Յունիս 2015ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի հանգուցեալ մեծանուն հայուն հոգւոյն համար:

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ միանայ յիշատակի արարողութեանց եւ աղօթք բարձրացնէ ազգասէր ու հայրենանուէր բարերարին հոգւոյն խաղաղութեան համար:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

***

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՍՐԲԱՆԿԱՐԻ ՕԾՈՒՄ ՖՐԵԶՆՈՅԻ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

FresnoChurchԱյս շաբաթավերջին Առաջնորդ Սրբազանը կը գտնուի Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ։ Կիրակի, 21 Յունիսին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ պիտի քարոզէ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը պիտի կատարէ սրբանկարի օծում։ Սրբանկարը կը ներկայացնէ Ս.
buy Premarin generic https://noprescriptionrxbuyonline.com over the counter

Տրդատ Թագաւորին մկրտութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռամբ։ Ս. Խորանին պիտի սպասարկեն Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան եւ Արժ. Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեան։

***

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022