ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Կիրակի, 4 Յունիս 2017-ին, մեր եկեղեցին պիտի նշէ Հոգեգալստեան օրը, որ կը յիշատակէ Վերնատան մէջ համախմբուած Քրիստոսի աշակերտներուն Ս. Հոգիին շնորհներուն եւ զօրութեան ստացման տօնը։
Այս տօնին առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը։ Պատարագին ներկայ պիտի ըլլան Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի 12 կարգի աշակերտները, Ս. Հաղորդութիւն պիտի ստանան եւ պիտի լսեն իրենց շրջանաւարտութեան առիթով Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորանքի խօսքը։
Ս. Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ կից «Թումանեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, տեղի պիտի ունենայ Հոգեգալստեան տօնի յիշատակման ճաշկերոյթ մը, որ կազմակերպուած է Թեմիս եկեղեցիներուն Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներուն կողմէ եւ կը հիւրընկալուի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Հոգեւոր Տեսուչին, Հոգեւոր Հովիւին եւ հոգաբարձութեան կողմէ։