ՏՕՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս շաբաթավերջին պիտի ըլլայ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ, նշելու համար եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, որ կը զուգադիպի մեր հաւատոյ հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքի տօնին։
Կիրակի, 13 Մարտ 2016ին, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, պիտի ուղղէ օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը, իսկ յաւարտ Ս. Պատարագի պիտի կատարէ մատաղօրհնէք:
Մեր հաւատացեալ ժողովուրդը հրաւիրուած է այս հոգեպարար արարողութեան, հաղորդակից դառնալու մեր հաւատոյ Հայ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ծառայութիւններէն ու զոհաբերութիւններէն մեզի հասնող պատգամներուն: