ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ՕՐԷՆՃ ՔԱՈՒՆԹԻԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Շաբաթ, 14 Մարտ տօնն է Ս. Քառասնից Մանկանց, նաեւ անուանակոչութեան տօնը Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ։ Այս առիթով, Կիրակի, 15 Մարտ 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի փոխանցէ եւ մատաղօրհնէք պիտի կատարէ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ մէջ։
Մեր եկեղեցին իր տօնացոյցին մէջ յատուկ տեղ տրամադրած է, հաւատքի համար նահատակուած 40 զինուորներուն յիշատակը պահպանելու համար: Քառասուն նահատակները Սեբաստիոյ մէջ գտնուող հռոմէական բանակին զինուորներ էին, որոնք քրիստոնէութիւնը ընդունած էին. կայսեր հրամանով, անոնցմէ պահանջուեցաւ հրաժարիլ քրիստոնէական հաւատքէն, սակայն անոնք մերժեցին եւ յանձն առին սառած լիճի մէջ տանջալից մահը գրկել, իրենց զոհաբերութեամբ իսկ հաւատքի հաւատարմութեան պատգամ մը թողելով բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն: Այս տօնը մեր օրերուն յատուկ իմաստ կը ստանայ, որովհետեւ, ինչպէս ծանօթ է, վերջին տարիներուն քրիստոնեաներ հալածանքի եւ կրօնափոխութեան պարտադրանքի կþենթարկուին ծայրայեղականներու կողմէ:
***
ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ՝ ՀԱՅՐԵՆԻ ԵՐԳԱՀԱՆ ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ
Հովանաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբզան Հօր եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի Մշակութային Դաստիարակչական Յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 19 Մարտին, Ազգ. Առաջնորդարանի »Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան« սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծարանքի երեկոյ մը, նուիրուած հայրենի երգահան Տիգրան Մանսուրեանի։
Արուեստագէտը պիտի ներկայացնէ ծանօթ արուեստագէտ Տիկին Թագուհի Արզումանեան։ Խօսք պիտի առնէ Մաէսթրօ Վաչէ Պարսումեան։ Պիտի իրագործուի գեղարուեստական յայտագիր եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Ձեռնարկը կը սկսի երեկոյեան ժամը 7-ին։
***
ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Կիրակի, Մարտ 8ին, Փասատինայի Langham Huntington պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան տարեկան ճաշկերոյթը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ հիմնարկին իրագործումներուն մասին եւ մաղթեց աննահանջ շարունակել երթը, յատկապէս այս տարի, երբ ազգովին կը յիշատակենք Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Ան շեշտեց, որ այս հանգրուանին, աւելի քան երբեւիցէ, պէտք է մեր ձեռքերը միացնենք Հայ Կրթական Հիմնարկին ու նման կազմակերպութեանց, հասնելու համար մեր անսակարկելի իրաւունքներուն: Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց հիմնարկութեան անձնդիր ծառայողները, որոնք անխոնջ կերպով կը գործեն ի խնդիր մեր ազգային ինքնութեան ու իրաւունքներուն պահպանման, ապա նաեւ դրուատեց բոլոր այն բարերարները, որոնք նպաստ կը բերեն հիմնարկութեան նպատակներուն կենսագործման: Ան մաղթեց, որ միասնական աշխատանքը շարունակուի նոյն թափով:
Նշենք, որ ձեռնարկին ընթացքին, գնահատանքի արժանացան ֆրեզնոյաբնակ մեր ազգայիններէն եւ Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ ծխական համայնքի նուիրեալներէն Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան ամոլը՝ իր նուիրաբերումին եւ ազգօգուտ ծառայութիւններուն համար:
***
“ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՆՔ, ԱՄԵՐԻԿԱ” ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ
Ուրբաթ, 6 Մարտի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Հանրային Գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին: Հայ Դատի “Շնորհակալ Ենք, Ամերիկա” Յանձնախումբին կազմակերպած ցուցահանդէսը երկու ամիս բաց պիտի ըլլայ գրադարանը այցելողներուն առջեւ, ապա նահանգի այլ գրադարաններուն մէջ պիտի ցուցադրուի տարուան ընթացքին: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի եւ քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի:
Ցուցահանդէսին նպատակը, Ցեղասպանութեան նահատակները ոգեկոչելու կողքին, երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է Near East Relief կազմակերպութեան, որ Ցեղասպանութեան ու յաջորդող տարիներուն, 1915էն 1930, մեծ նպաստ տրամադրած էր Ցեղասպանութենէն վերապրող որբերուն:
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան ներկայ եղաւ սոյն հանդիսութեան։ Ներկայ էին նաեւ այլ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ եւ զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ գործիչներ:
***