ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ԷՆՍԻՆՈՅԻ
Ս. ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Կիրակի, 16 Մարտը Մեծ Պահոց շրջանի Գ. Կիրակին է, որ կը կոչուի Անառակի Կիրակին։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը։
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ԲԱՑՄԱՆ ԱՂՕԹՔԸ ԿԱՏԱՐԵՑ
ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ
Շաբաթ, 8 Մարտին, Լոս Անճելըսի Biltmore պանդոկին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան տարեկան ճաշկերոյթը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։
Առաջնորդ Սրբազանը իր բացման աղօթքին մէջ, անդրադարցաւ ՀՄՀի նուիրեալ առաքելութեան, գնահատեց պատասխանատուներուն եւ յատկապէս կամաւորներուն տարած անփոխարանելի գործունէութիւնն ու ծառայութիւնը։ Ան շեշտը դրաւ երիտասարդութեան ի նպաստ տարուած աշխատանքներուն վրայ, որ մեր պատմութիւնն ու աւանդութիւնները փոխանցելով, նոր սերունդին սէր ու յարգանք կը սերմանեն մեր մշակոյթին հանդէպ։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարցրացուց առ Աստուած որ օրհնէ ՀՄՀի առաքելութեան ծառայող բոլոր պատասխանատուները, բարերարներն ու բարեկամները, եւ յաջողոթիւն մաղթեց անոնց ապագայի ծրագիրներուն։
***