ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԷ ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԻՆ
Չորեքշաբթի, 26 Մարտը Միջինք է։
Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան պիտի հանդիսապետէ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Արեւագալի ժամերգութեան։
Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ Փասատինայի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի Միջինքի ճաշկերոյթին ու պիտի փոխանցէ իր օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանին պիտի ընկերանայ Ս. Սարգիս եկեղեւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Foothill-ի Հայ Կեդրոնին մէջ։
Միջինքի առիթով, ՀՕՄ-ի Լոս Անճելըս «Մայր» մասնաճիւղը եւս կազմակերպած է ճաշկերոյթ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 23 Մարտին, Հոլիվուտի Հայ Կեդրոնին մէջ։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, ներկայ պիտի ըլլայ ձեռնարկին եւ պիտի փոխանցէ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան խօսքը։
***
ՇԱՄԼԵԱՆ ԱԶԳ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ
Շաբաթ, 15 Մարտի երեկոյեան, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգ. Վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Peterson Automotive Museum-ի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տեարք՝ Ճորճ Չորպաճեանն ու Մհեր Տէր Յովաննէսեանը։
Առաջնորդ Սրբազանը իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց, վեր առնելով վարժարանի սերնդակերտ առաքելութիւնը եւ գնահատելով անոր սատար հանդիսացող ազգայիններն ու բարերարները։
***
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ՝
ԳԱՂՈՒԹԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ
Յառաջիկայ օրերուն, գաղութիս մէջ կարգ մը ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան, որոնց համար Առաջնորդ Սրբազանը հրաւէր ստացած է եւ ներկայացուցիչներ նշանակած է, որոնք նշուած են ստորեւ։
Շաբաթ, 22 Մարտի երեկոյեան, Օրէնճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Միասեան Ազգ. վարժարանը ճաշկերոյթ-պարահանդէսով մը պիտի տօնէ վարժարանի հիմնադրութեան 28-րդ տարեդարձը։ Ձեռնարկը կը վայելէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան ներկայ պիտի ըլլայ ձեռնարկին եւ պիտի փոխանցէ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան խօսքը։
Հովանաւորութեամբ ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Ջաւախք Հիմնադրամի Յանձնախումբի, Շաբաթ, 22 Մարտին, ընթրիք երեկոյ մը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան կեդրոնին մէջ, Կենտէյլ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան ներկայ պիտի ըլլայ ձեռնարկին եւ պիտի փոխանցէ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան խօսքը։
Արարատ Էսքիճեան Դանգարանը, միօրեայ միջազգային համագումար մը կազմակերպած է, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 22 Մարտին, Միշըն Հիլզի Արարատ Տան «Տէքմէճեան» սրահին մէջ։ Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մասնագէտ դասախօսներ, կեդրոնանալով՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն օգտակար հանդիսացող միջազգային դէմքերուն եւ կազմակերպութիւններուն վրայ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան ներկայ պիտի ըլլայ համագումարին, աղօթքով պաշտօնական բացումը պիտի կատարէ ձեռնարկին եւ պիտի փոխանցէ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան խօսքը։
Ուրբաթ, 28 Մարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթին ու պիտի փոխանցէ իր օրհնութեան խօսքը։
Նշենք, որ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցին, Շաբաթ, 15 Մարտին, ճաշկերոյթով մը պաշտօնապէս տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 5-րդ տարեդարձը։ Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Ռիմա Պօղոսեան եւ անդամ՝ Տիկ. Անի Մկրտիչեան-Գարիքեան ներկայ եղան ձեռնարկին։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Վարչութեան, Տիկին Պօղոսեան փոխանցեց իր սրտի խօսքն ու յաջողութեան մաղթանքները։
***